2009-01-27 13:27:19

2009 տարին հայ երիտասարդութեան տարի`

21-րդ դարը որպէս երիտասարդութեան վերազարթօնքի շրջան


21-րդ դարը ոմանք կը բնորոշեն որպէս կրօնի դար. եւ ուրիշներ՝ արհեստագիտութեան դար. տակաւին կարելի է այլ բնութագրումներով ներկայացնել արմատական փոփոխութիւններու ու հսկայաքայլ յառաջդիմութիւններու մէջ գտնուող ներկայ աշխարհը։ Բոլոր մօտեցումները ճիշդ ըլլալով հանդերձ, ներկայ ժամանակաշրջանը մարդկային պատմութեան կը նկատoui որպէս երիտասարդութեան վերազարթօնքի շրջան։ Արդարեւ, երբ նայինք մեր շրջապատին, վստահաբար պիտի նշմարենք, թէ երիտասարդութիւնը տիրական ներկայութիւն է ամէնուրեք։ Ան գործօն ներկայութիւն է կրօնական աշխարհէն ներս, մշակութային բնագաւառէն ներս, քաղաքական մարզէն ներս, տնտեսական կալուածէն ներս եւ ընկերութեան կեանքի այլազան երեսներուն վրայ։ Երիտասարդութիւնը սկսած է մանաւանդ տեսանելի ներկայութիւն դառնալ ղեկավարութեան բարձրագոյն մակարդակներու վրայ։ Այս իրողութենէն մեկնելով՝ կրօններ, մշակոյթներ, քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցներ առաջնահերթ կարեւորութիւն սկսած են ընծայել երիտասարդութեան՝ յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով ու ծրագիրներ մշակելով, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդութիւնը ստեղծագործ աշխատանքի մղող այլազան նախաձեռնութիւններու դիմելով։

Պատահական երեւոյթներ չեն ասոնք։ Երիտասարդութիւնը արիւնը կը կազմէ ընկերութեան կեանքին, ողնասիւնը՝ համայնքի մը ու բաբախող սիրտը՝ կառոյցի մը։ Այլ խօսքով, ան կենսունակութիւն հայթայթող ու շարունակականութիւն ապահովող այն ուժն է մարդկային կեանքին, առանց որուն՝ պիտի թառամի ընկերութեան մը կեանքը, պիտի դանդաղի անոր աշխատանքի թափը, պիտի տկարանայ անոր կամքը ու մթագնի անոր ապագայ տանող ճամբան։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.